image
Հրատապ լուրեր:

Փենթակոն աշխատանքէն ազատած է բանակի շտաբի պետը

Փենթակոն աշխատանքէն ազատած է բանակի շտաբի պետը

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթը պահանջած է բանակի ընդհանուր սպայակոյտի պետ, զօրավար Ռենտի Ճորճի հրաժարականը՝ Իրանի դէմ պատերազմ մղելու լոյսի ներքոյ։ Այս տեղեկութիւնը X-ի վրայ կատարուած գրառմամբ հաստատած է Փենթակոնի խօսնակ Շոն Փարնըլը։

Ան նշած է, որ բանակի շտապի 41-րդ պետը անմիջապէս պաշտօնաթող կ՚ըլլայ եւ շնորհակալութիւն յայտնած է անոր ծառայութեան համար։

Առաջինը Ռենտի Ճորճի պաշտօնանկութեան մասին յայտնած էր CBS News-ը։ Ճորճ այս պաշտօնը կը զբաղցնէր 2023 թուականի Օգոստոսէն։

Իր հերթին, The Washington Post-ը, յղում կատարելով իրազեկ աղբիւրներու, հաղորդած է, որ Հեկսեթը պաշտօնէն ազատած է եւս երկու բարձրաստիճան հրամանատարներ՝ ԱՄՆ բանակի վերափոխման եւ վերապատրաստման հրամանատար, զօրավար Տէյվիտ Հոտնին եւ բանակի հոգեւոր կորպուսի պետ, զօրավար-մայոր Ուիլիըմ Կրին կրտսերը։