Կան մարդիկ, որոնց կեանքի պատմութիւնը կը չափուի ոչ թէ իրենց զբաղեցուցած պաշտօններով, այլ այն տարիներով, զորս անոնք լուռ ու հետեւողական կերպով նուիրած են իրենց գաղափարին, կազմակերպութեան եւ համայնքին։ Այդպիսի կորուստ մըն է Երուանդ Ֆրունճեանի մահը, որ խոր վիշտով պիտի արձագանգէ յատկապէս Գանատայի հայ համայնքին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան շրջանակներուն։
Տասնամեակներ շարունակ իր մասնակցութիւնը բերելով կուսակցական, կազմակերպական եւ ազգային-հասարակական աշխատանքներուն՝ Երուանդ Ֆրունճեան իր կեանքով վկայեց գաղափարական հաւատարմութեան եւ ծառայութեան այն տեսակը, որ չի փնտռեր ցուցադրութիւն, այլ կը մնայ գործի, պատասխանատուութեան եւ նուիրումի մէջ։
Երուանդ Ֆրունճեանի մահուան մասին «Արեւելք» իմացաւ Գանատայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէին կողմէ հրապարակուած մահագրութեամբ։
Ստորեւ՝ այդ մահագրականը.
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն խոր վիշտով կը գուժէ իր շրջանի վաստակաւոր ընկերներէն, Կեդրոնական Կոմիտէի նախկին անդամ, հաւատաւոր ու նուիրեալ դաշնակցական՝ ընկ. Եդուարդ Ֆրունճեանի մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 29 օգոստոս 2026-ի առաւօտեան, Մոնթրէալի մէջ։
Ընկ. Եդուարդ Ֆրունճեան տասնամեակներ շարունակ իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական եւ ազգային-հասարակական կեանքին՝ հաւատարմօրէն ծառայելով կուսակցութեան գաղափարական արժէքներուն եւ ազգային առաքելութեան։
Իր երկարամեայ գործունէութեան ամբողջ ընթացքին, ոչ մէկ ճիգ խնայեց ՀՅԴ-ի առաքելութեան յառաջխաղացքին, կազմակերպական կառոյցներու ամրապնդումին եւ գանատահայ համայնքի զարգացման համար։
Ընկ. Եդուարդ Ֆրունճեան իր ետին կը թողու նուիրումի, ծառայութեան եւ գաղափարական հաւատարմութեան արժանաւոր վաստակ մը։ Անոր յիշատակը պիտի մնայ վառ իր գաղափարակից ընկերներուն եւ բոլոր անոնց մօտ, որոնք տարիներու ընթացքին առիթը ունեցած են գործակցելու եւ ծառայելու իր կողքին։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ընկ. Եդուարդ Ֆրունճեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ գաղափարակից ընկերներուն։