Հ.Մ.Մ.ի Հայաստանի նոր վարչութեան ընտրութիւնը կը խորհրդանշէ միութեան գործունէութեան շարունակականութիւնը, երիտասարդ ուժերու ներգրաւուածութիւնը եւ հաւաքական աշխատանքով առաջ շարժելու կամքը։
Մաղթենք, որ նոր վարչութիւնը յաջողի իր առաքելութեան մէջ եւ նուիրումով շարունակէ ծառայել միութեան նպատակներուն ու համայնքին։
Ստորեւ նոր վարչութեան ընտրութեան մասին տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Սիրելի Հ.Մ.Մ.-ի ընկերներ,
Սիրով կը տեղեկացնենք ձեզ, որ մայիս 17-ին տեղի ունեցաւ անդամական ժողով մը, որուն ներկայ էին Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Մեսրոպեանն ու Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Անդրանիկ Մարաշլեանը։
Ժողովի ընթացքին նախկին վարչութիւնը ներկայացուց իր անցնող շրջանի գործունէութեան տեղեկագիրը , որմէ ետք ընտրուեցաւ նոր վարչական կազմ մը։
Նոր վարչութիւնը բաղկացած է հետեւեալ անդամներէն․
Շնորհաւորութիւն կը յայտնենք բոլոր անդամներուն իրենց ներկայութեան, մասնակցութեան եւ վստահութեան համար։ Ձեր աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը կարեւոր դեր ունի մեր միութեան շարունակական գործունէութեան եւ զարգացման մէջ։