Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի՝ յունիս 26-ին գումարուած նիստի ընթացքին կատարուած է համալսարանի տնօրէնի (ռեքթորի) մրցութային ընտրութիւնը։ Այս մասին յայտնած են համալսարանէն։
Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Միքայէլ Ադամեանի նախագահութեամբ գումարուած նիստին ներկայ եղած են խորհուրդի բոլոր 20 անդամները։
Փակ եւ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքով, ձայներու մեծամասնութեամբ (19 կողմ, 1 անվաւեր), ԵՊԲՀ-ի տնօրէն (ռեքթոր) ընտրուած է թեկնածու, փրոֆեսոր Արմէն Աբգարի Մուրատեանը։
Փրոֆեսոր Մուրատեանը բժշկական մասնագէտներ պատրաստող հարիւրամեայ կրթօճախին 22-րդ տնօրէնն է։
Յիշեցնենք, որ «Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարան» հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը մայիս 27-ին, սահմանուած կարգին համաձայն, յայտարարած էր բաց մրցութային ընտրութիւն՝ ԵՊԲՀ-ի տնօրէնի պաշտօնին համար։