image

Վիճաբանութիւն եւ ծեծկռտուք. լարուած իրավիճակ Երեւանի աւագանիի նիստին

Վիճաբանութիւն եւ ծեծկռտուք. լարուած իրավիճակ Երեւանի աւագանիի նիստին

Երեւանի աւագանիի նիստն ընդմիջուած է 30 վայրկեանով աւագանիի իշխանական եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու անդամներու միջեւ սկսած ծեծկռտուքի պատճառով։

Նիստի ընթացքին իրավիճակը լարուած է Երեւանի փոխքաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանի ելոյթէն ետք։

Սուրէն Գրիգորեանն արձագանգած էր ընդդիմադիր «Մայր Հայաստան» խմբակցութեան անդամներու յայտարարութիւններուն, որոնք Հայաստանի մէջ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը մեղադրած էին յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդդիմութեան մանտաթները գողնալու մէջ։ 

«Ասում են, թէ մենք մանդատները գողացել ենք։ Դուք ի՞նչ մանդատ էք ունեցել, որ մենք էլ գողացել ենք։ Սահմանադրական դատարանում կը քննարկուի, կ՚որոշուի, բայց դուք այդ քուէն ու լեգիտիմութիւնը չունէք, որ մի հատ էլ դա ձեզանից գողանան»,- յայտարարած է Գրիգորեանը, որմէ ետք դահլիճին մէջ լարուածութիւն սկսած է։

Նիստը վարող Երեւանի փոխքաղաքապետ Արմէն Փամբուխչեանի եւ աւագանիի «Մայր Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան անդամներէն մէկու միջեւ լեզուակռիւ սկսած է։ Փամբուխչեանը հակադարձած է՝ յորդորելով լռել, քանի որ իրենց «լիդերը մեղադրւում է պետական դաւաճանութեան համար» (նկատի ունի Անդրանիկ Թեւանեանը-խմբ), որմէ ետք ալ դահլիճին մէջ ծեծկռտուք սկսած է ընդդիմադիր եւ իշխանական խմբակցութիւններու անդամներու միջեւ։ 

Արմէն Փամբուխչեանը յայտարարած նիստը 30 վայրկեանով ընդմիջելու մասին։