image

Երեւանի մէջ մեկնարկած է ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստը

Երեւանի մէջ մեկնարկած է ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախագահութեամբ Երեւանի մէջ մեկնարկած է ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստը։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, նիստին մասնակցած են Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը, Ղրղզստանի նախագահ Սատիր Ժափարովը եւ Տաճիկստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը։

Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի անդամները պիտի քննարկեն միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան արդի խնդիրները եւ ՀԱՊԿ գործունէութեան հիմնական արդիւնքները միջնստաշրջանային ծիրէն ներս:

Ամենակարեւոր հարցերէն մէկը պիտի ըլլայ ՀԱՊԿ ճգնաժամային արձագանգման համակարգի կատարելագործումը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութեան տրամադրման համատեղ միջոցառումներու քննարկումը։

ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին նախատեսուած է ընդունիլ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հռչակագիր։

Խորհիւրդի նիստի ընթացքին պիտի ստորագրուին շարք մը փաստաթղթեր, որոնք կը վերաբերին խաղաղապահ ուժերը ժամանակակից սպառազինութեամբ, ռազմական եւ յատուկ տեխնիկայով զինելուն, ճառագայթային, քիմիական եւ կենսաբանական համատեղ պաշտպանութեան ձեւաւորման։

2023 թուականի 1 յունուարէն կայանալիք կարգի շրջանափոխութեան կապակցութեամբ պիտի քննարկուի նաեւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի հարցը։