image

Երեւանի Նորաձեւութեան Շաբաթ՝ հոկտեմբեր 9-11-ը

Երեւանի Նորաձեւութեան Շաբաթ՝ հոկտեմբեր 9-11-ը

Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ Yerevan Fashion Week-ը կը վերադառնայ չորրորդ անգամ՝ այս տարի աւելի ընդլայնուած ծրագիրով։

Հոկտեմբեր 9-11-ին Երեւանը կրկին պիտի համախմբէ հայ եւ միջազգային ձեւաւորողներ, ոլորտի մասնագէտներ, գնորդներ եւ համաշխարհային մետիա ներկայացուցիչներ։

Նորաձեւութիւնը Երեւանի սիրտին մէջ՝ երեք օր շարունակ, ստեղծարարութեան եւ միջազգային համագործակցութեան մթնոլորտի մէջ։

Ի՞նչ սպասել YFW 2026-էն.

  • 20+ ցուցադրութիւններ եւ ցուցահանդէսներ՝ հայ ու միջազգային ձեւաւորողներու մասնակցութեամբ
  • Fashion Scout Armenia մրցոյթ` երիտասարդ ձեւաւորողներու բացայայտում
  • Showroom՝ 30+ հագուստի, աքսեսուարներու, զարդերու ապրանքանիշերու (պրանտ) մասնակցութեամբ
  • 9+ Փանելային քննարկումներ՝ տեղական եւ միջազգային ոլորտային մասնագէտներու մասնակցութեամբ
  • Միջազգային հիւրեր, մետիա ներկայացուցիչներ եւ ազդեցիք անձեր (ինֆլուենսըրներ)
  • B2B հանդիպումներ, գործարար կապեր (նեթուորքինկ) եւ մասնագիտական կապեր

«Երեւանի Նորաձեւութեան Շաբաթ 2026»-ի գլխաւոր հովանաւորը Երեւանի քաղաքապետարանն է: