image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ կայանումը թանկ հաճոյք. «Կարմիր գծեր»ու տարեվճարը 160 հազար հայկական դրամ

Երեւանի մէջ կայանումը թանկ հաճոյք. «Կարմիր գծեր»ու տարեվճարը 160 հազար հայկական դրամ

32 կողմ, 3 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայներով Երեւանի աւագանին ընդունած է Երեւան համայնքին մէջ տեղական վճարներու 2024 թուականի դրոյքաչափերը սահմանելու մասին նախագիծը։

 «Յաւելեալ արտօնութիւնների հնարաւորութիւնը յաջորդ նիստին կը քննարկենք, կարմիր գծերին վերաբերող հնչած բոլոր առաջարկները կը քննարկենք եւ եւս մէկ նախագիծ կ՚ունենանք փետրուարին»,-յայտարարած է քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը։

Յիշեցնենք, որ կ՚առաջարկուէր 2024 թուականի յունուար 1-էն մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ (Երեւան քաղաքի «Ա» գօտիին մէջ) մեքենաներու կայանատեղիին մէջ (կարմիր գիծեր) կայանելու համար վճարը սահմանել տարեկան 160 000 դրամ, իսկ կեդրոնէն դուրս՝ (Երեւան քաղաքի «Բ» գօտի) 24 000 դրամ։