Քանի մը տասնեակ իրանցիներ երէկ Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանատան դիմաց բողոքի ցոյց իրականացուցած են: Ցոյցը արտօնուած եղած է Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէ յունուար 15-ին, սակայն յունուար 16-ին թոյլտւութեան որոշումը չեղարկուած է:
Ցոյցի մասնակիցները որոշած էին դեսպանատան մօտէն երթով շարժիլ «Կապոյտ մզկիթ», սական ցոյցի կարգը հսկող ոստիկանները շղթայ կազմած են եւ թոյլ չեն տուած: Ցոյցի մասնակիցներէն մէկ քանին փորձած է ճեղքել ոստիականական պատը: Եօթ անձ բերման ենթարկուած է, յայտնած են ՆԳՆ մամուլի ծառայութենէն։
«Երթն արտօնուած չէ, այդ իսկ պատճառով արգելուել է երթի իրականացումը, ինչպէս նաեւ հաւաքի ընթացքում 7 անձ «Վարչական իրաւախախտումների վերաբերեալ» օրէնսգրքի 182-րդ յօդուածով (Ոստիկանութեան ծառայողի օրինական պահանջը չկատարելը) նախատեսուած արարք կատարելու համար ենթարկուել են վարչական ձերբակալման»,- յայտնած է ՆԳՆ մամուլի խօսնակ Նարեկ Սարգսեանը:
Ցուցարարները վանկարկած են՝ «մահ Խամենէին», «ազատութիւն Իրանին», «ժողովրդավարութիւն Իրանին», «կանգնէք Իրանի կողքին», «կեցցէ Ռեզա շահը»: Ռեզա Փահլաւիի նկարով պաստառներ պարզած են՝ «King Pahlavi» գրութեամբ: