Կառավարական թաղամասը պիտի կառուցուի Երեւանի ծայրամասերուն մէջ։ Այս մասին յայտարարած է ՀՀ արդարադատութեան նախարար Գրիգոր Մինասեանը 2023 թուականի արդիւնքներն ամփոփող մամուլի ասուլիսի ժամանակ։
Ան յիշեցուցած է, որ նախապէս կար գաղափար արդարադատութեան նախարարութիւնը, դատախազութիւնը եւ արդարադատութեան հետ կապուած մնացած կառոյցները տեղափոխել Երեւանի կեդրոնէն։ Բայց յետոյ որոշուած է աւելի մեծ նախագիծ իրականացնել եւ կառավարական թաղամաս կառուցել։
«Այսինքն՝ պետական բոլոր գերատեսչութիւնները դուրս կը գան կեդրոնից եւ կը տեղակայուեն քաղաքին մօտ, բայց փաստացի՝ մարզում, եւ կեդրոնը կը բեռնաթափուի, եւ այս հսկայական շինութիւնները, որոնք զբաղեցնում են պաշտօնեաները, կ՚օգտագործուեն բիզնես նպատակով`վարձատրութիւն, վաճառք եւ շահոյթ կը գեներացուի»,- ըսած է Մինասեանը։
Անոր խօսքով` նմանատիպ միջազգային փորձ կայ։ Կը սպասուի, որ այս տարի կառավարական թաղամասի ձեւաւորումը պատրաստ ըլլայ։
Նախագիծը կը ղեկավարէ փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանը։