image

Երեւան.Գանատայի Թեմի գործունեայ միաբաններէն Հոգշ. Հ. Գեղարդ Ծ.Վրդ. Քիւսպէկեան հանդիպեցաւ Արցախցի երիտասարդներու հետ

Երեւան.Գանատայի Թեմի գործունեայ միաբաններէն Հոգշ. Հ. Գեղարդ Ծ.Վրդ. Քիւսպէկեան հանդիպեցաւ Արցախցի երիտասարդներու հետ

Օրերս Հայաստան այցելող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գանատայի Հայոց Թեմի ժրաջան միաբաններէն՝ Գերպ. Հ. Գեղարդ ծ.վրդ. Քիւսպէկեան հանդիպում ունեցած է Հայաստան հաստատուած արցախցի երիտասարդներու հետ։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողաց կը ներկայացնենք հանդիպման մասին տարածուած հաղորդագրութիւնը՝

Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի օրհնութեամբ, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ զանազան նախաձեռնութիւններ Հայաստանի մէջ, հիմնուած եւ առաջադրուած Թեմիս «Արցախ, Մեր Տուն ...» օժանդակութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս։

Չորեքշաբթի, 30 Յուլիս 2025-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախահայ երիտասարդներու հետ յատուկ հանդիպում մը, նիւթ ունենալով՝ «Վերականգնումը որպէս հեռանկարային, յամառ եւ հաւատապնդուած գործընթաց»։ Սոյն հանդիպումը վարեց Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան։

Հանդիպումը կազմակերպուած էր համագործակցութեամբ Big Mind ոչ-կառավարական կազմակերպութեան (NGO) տնօրէն՝ Պրն. Յակոբ Մաքտիսի, որուն ջանքերով Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենան Արցախահայ երիտասարդներու զանազան համախմբումներ, դիւրացնելու համար տեղահանման եւ Հայաստանի մէջ հաստատման իրենց կեանքի այս նոր հանգրուանը։

Իր պատգամին մէջ Հայր Գեղարդ անդրադարձաւ Արցախի կորուստի հարցին եւ այդ կորուստին թողած վերքին ու ցաւին, եւ խորհրդածեց Աստուածաշունչ Սուրբ Գիրքէն եկող լուծումին ու դարմանին մասին։ Հայր Գեղարդ խօսեցաւ Հին Կտակարանեան երեք դէմքերու մասին, Զօրաբաբէլին, Եզրասին եւ Նէեմիային, որոնք մղիչ ուժը հանդիսացան Բաբելոնեան գերեվարութենէն ետք՝ Երուսաղէմի վերականգման, Աստուածային Օրէնքներու վերուսուցման, ինչպէս նաեւ տաճարի ու քաղաքի պարիսպներու վերակառուցման։ Հայր Գեղարդ յատկապէս շեշտեց, թէ՝ վերականգնումի այդ աշխատանքը որպէս շնորհք ընծայուեցաւ Եբրայեցի ժողովուրդին, Պարսից Կիւրոս կայսեր կողմէ, աստուածային միջամտութեամբ մը, եւ թէ՝ Եբրայեցի գերեդարձուած ժողովուրդը աշխատանքը սկսաւ՝ Տաճարի Խորանի կառուցմամբ, ապա՝ տաճարի արտաքին շէնքի վերականգնումով, եւ ապա միայն՝ անցան քաղաքի արտաքին պարիսպներու վերաբարձրացման աշխատանքներուն։ Հայր Գեղարդ մատնանշեց երեք կարեւոր դասեր, զորս կարելի է քաղել այս դրուագէն։ Առաջին, աշխատանքը սկսաւ ներսէն դուրս ընթացքով մը (խորան – տաճար - քաղաքի պարիսպ), այսինքն՝ նախ կառուցեցին հաաւտքի խորանը եւ ապա՝ անցան միւս աշխատանքներուն։ Երկրորդ, աշխատանքին մասնակցեցան բոլորը՝ միասնական ջանքով, իւրաքանչիւրը կատարելով իրեն ինկած գործի բաժինը։ Երրորդ, Աշխատանքը կատարեցին յամառ կամքով, համբերատարօրէն եւ հաւատքով զօրացած։ 

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Արդեան» Ճարտարապետական եւ արուեստի կեդրոնէն ներս, հիւրընկալութեամբ՝ կեդրոնի հիմնադիր-տնօրէն, ճարտարապետ եւ արուեստագէտ՝ պրն. Վազգէն Բրուտեանի։

Նման հանդիպումները անհրաժեշտ են Արցախահայ երիտասարդներուն համար, որոնք շաբաթական դրութեամբ կը հանդիպին յատուկ դասընաթցքներու հետեւելով, այսպիսով իմաստաւորած ըլլալով իրենց կեանքը, թէեւ Արցախէն հեռու, բայց՝ հայրենիքի մէջ։