Անգարայի մէջ կարճ զրոյց ունեցած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Թուրքիոյ վերընտրուած նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան։
Այս մասին յայտնած է Radar Armenia-ն՝ յղում ընելով թրքական լրատուամիջոցներուն, որոնք այլ մանրամասնութիւններ չեն յայտնած։
Յիշեցնենք, որ վարչապետը Անգարայի մէջ ներկայ գտնուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի պաշտօնի ստանձնման արարողութեան:
Նշենք նաեւ, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ «ոտքի վրայ» կարճ զրոյց ունեցած են Անգարայի մէջ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան ծիրէն ներս։
![]()
Այս մասին գրած է Ռիա Նովոսթին՝ յղում ընելով CNN Türk-ին։
«Արարողութեան շրջանակներուն մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «ոտքի վրայ» կարճ զրոյց ունեցած են, որոնց կողքին ներկայ եղած է Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ», - հաղորդած է թրքական հեռուստաալիքը, որ այդ պահը ցուցադրած է եթերով։