image

Իրանի մէջ ելեկտրականութեան խնայողութիւնը հասաւ՝ մզկիթներուն

Իրանի մէջ ելեկտրականութեան խնայողութիւնը հասաւ՝ մզկիթներուն

 

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան երկրի բոլոր մզկիթներուն կոչ ուղղած է աւելի աշխուժօրէն մասնակցելու ընկերային խնդիրներու լուծման եւ նպաստելու ուժանիւթի խնայողութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ «Թասնիմ» գործակալութիւնը։

Անոր համաձայն՝ կազի եւ ելեկտրականութեան խելամիտ սպառումը անհրաժեշտ է արդիւնաբերութեան անխափան աշխատանքը ապահովելու համար։

Գործակալութեան հաղորդմամբ՝ Փեզեշքիան այս կոչը հնչեցուցած է շաբաթ երեկոյեան՝ Թեհրանի հարաւը գտնուող մզկիթի այցելութեան ընթացքին։

Նախագահը նշած է, որ Իրանի մէջ շուրջ 80 հազար մզկիթ կայ, որոնք կրնան դառնալ տեղական խնդիրներու լուծման կարեւոր կեդրոններ։ Անոր կարծիքով՝ այդ նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է բնակիչները աւելի աշխուժօրէն ներգրաւել հասարակական նախաձեռնութիւններու մէջ եւ զարգացնել գործակցութիւնը «Պասիճ»ի ուժերուն՝ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրակազմին հետ կապուած կամաւորական կազմաւորումներուն հետ։

Փեզեշքիան ընդգծած է, որ մզկիթներու գործունէութեան համակարգումը մշակութային, կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ պիտի նպաստէ տեղական համայնքներուն դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն աւելի արդիւնաւէտ կերպով արձագանգելու։

Երկրի նախագահը յատկապէս կոչ ուղղած է մզկիթներուն՝ օրինակ ծառայելու վառելանիւթի եւ ուժանիւթի խնայողական օգտագործման առումով, մանաւանդ տարուան ցուրտ եղանակին։ Ան նշած է, որ կազի արդիւնահանման խափանումները աւելի կը մեծցնեն ուժանիւթի խնայողութեան անհրաժեշտութիւնը։

Փեզեշքիանի համոզմամբ՝ ուժանիւթի սպառման կրճատման գործին բնակչութեան մասնակցութիւնը սկզբունքային նշանակութիւն ունի՝ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններուն կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումներու սահմանափակումները կանխելու համար։ Նման խափանումները կրնան վնասել արտադրութեան եւ բացասաբար ազդել երկրի տնտեսութեան վրայ։