image

Երդմանակալութեան շրջանակներուն մէջ Փաշինեան զրուցեց Էրտողանի եւ Ալիեւի հետ (Լուսանկար)

Երդմանակալութեան շրջանակներուն մէջ Փաշինեան զրուցեց Էրտողանի եւ Ալիեւի հետ (Լուսանկար)

Անգարայի մէջ կարճ զրոյց ունեցած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Թուրքիոյ վերընտրուած նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան։

Այս մասին յայտնած է Radar Armenia-ն՝ յղում ընելով թրքական լրատուամիջոցներուն, որոնք այլ մանրամասնութիւններ չեն յայտնած։

Յիշեցնենք, որ վարչապետը Անգարայի մէջ ներկայ գտնուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի պաշտօնի ստանձնման արարողութեան:

Նշենք նաեւ, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ «ոտքի վրայ» կարճ զրոյց ունեցած են Անգարայի մէջ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան ծիրէն ներս։

Այս մասին գրած է Ռիա Նովոսթին՝ յղում ընելով CNN Türk-ին։

«Արարողութեան շրջանակներուն մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «ոտքի վրայ» կարճ զրոյց ունեցած են, որոնց կողքին ներկայ եղած է Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ», - հաղորդած է թրքական  հեռուստաալիքը, որ այդ պահը ցուցադրած է եթերով։