Երբ եւրոպացիները սթափին եւ հասկնան, որ իրենք պատասխանատու են իրենց ճակատագրի համար, կու գայ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու վերագնահատման եւ երկխօսութեան ժամանակը, ըսած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար՝ Տմիթրի Փէսքով, գրած է «Ռիա Նովոսթի»-ն։
«Երբ եւրոպացիները քիչ մը սթափին ամերիկեան բուրբոնէն եւ մտածեն, որ մենք ինքներս պէտք է հոգ տանինք մեր ցամաքամասի, Եւրոպայի, նոյնիսկ Եւրասիոյ ճակատագրի մասին, կու գայ ժամանակը՝ վերագնահատելու մեր յարաբերութիւնները եւ մտնելու երկխօսութեան մէջ։ Այդ կարճ ժամանակուայ մէջ պիտի չըլլայ»,- ըսած է Փէսքով «Ռուսիա 1» հեռատեսիլային ալիքի «Մոսկուա. Քրեմլին. Փութին» հաղորդման ժամանակ լրագրող՝ Փաւել Զարուպինին տուած հարցազրոյցին։