Օգոստոս 8-ին ՀՀ ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեանը հանդիպում ունեցած է ՀՀ-ի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վասիլիս Մարակոսի հետ։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ ներքին գործոց նախարարութենէն։
Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Սարգսեանը բարձր գնահատած է առկայ սերտ համագործակցութիւնը շարք մը ոլորտներու մէջ։ Ան ներկայացուցած է ՆԳ նախարարութեան կողմէ վիզաներու ազատականացման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը՝ առանձնացնելով յատկապէս պիոմեթրիք համակարգի ներդրման եւ ոստիկանութեան բարեփոխումներու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները։
Դեսպան Մարակոսը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ կարեւորած է ձեւաւորուած արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը, որ տեսանելի արդիւնքներ կու տայ։ Ան նաեւ անդրադարձած է գործողութիւններու ծրագրի շրջածիրէն ներս ԵՄ-ի կողմէ իրականացուող աշխատանքներուն։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են ապագային նախատեսուող համատեղ ծրագրերը, բարձր մակարդակի հանդիպումներու կազմակերպման հնարաւորութիւնները, վիզաներու ազատականացման ուղղութեամբ ԵՄ անդամ երկիրներու հետ համագործակցութիւնը, սահմաններու կառավարման բարեփոխումները, ՀՀ քաղաքացիութեան հիմնարկի վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ փտածութեան եւ մարդկանց շահագործման (թրաֆիքինկի) դէմ պայքարի միջոցառումները։
Քննարկուած է նաեւ յանցաւորութեան դէմ պայքարի շրջածիրէն ներս ԵՄ-ի կողմէ աջակցութեան, յանցաւորութեան յուսալի վիճակագրութեան ներդրման գործընթացի, ինչպէս նաեւ Եւրոպոլի եւ Ֆրոնթեքսի հետ համագործակցութեան խորացման վերաբերեալ հարցեր։