Գերմանիոյ Պունտեսթագի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Միխայէլ Ռոթն իր X-ի էջին գրառում կատարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Փաշինեանին Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ աշխատանքին մէջ ցուցաբերած քաջութեան եւ վճռականութեան համար։
«Շնորհակալութիւն ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին իր քաջութեան եւ վճռականութեան համար։ Ան դէմ է ռուսական կայսերապաշտութեան եւ Ատրպէյճանի հետ քրտնաջան կ՚աշխատի խաղաղութեան պայմանագրի վրայ, որ պիտի ապահովէ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը», - իր գրառման մէջ նշած է Միխայէլ Ռոթը։
Ռոթ ըսած է նաեւ, որ ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնը անվտանգութեան կարիք ունին եւ Եւրոպական միութիւնը վերջապէս պէտք է աւելին ընէ Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի համար։