Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպան Հրաչ Փօլատեան օրերս հարցազրոյց մը տուած է եգիպտական հանրահայտ «Պաուապաթ ախպար ալ եոմ» պարբերականին։
Դեսպանը մասնաւորապէս անդրադարձած է Եգիպտոսի կարեւոր դիրքին Ափրիկէի ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ, ան նաեւ կարեւորած է Եգիպտոսի հայ համայնքին դերը խորացնելու երկու երկիրներու պատմական բարեկամութիւնը եւ համագործակցութիւնը, ապա խօսած Հայաստանի եւ Եգիպտոսի բարեկամական, մշակութային, պատմական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն մասին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք դեսպանին կողմէ եղած յայտարարութիւններուն կարեւորագոյն հատուածները, ուր մասնաւորապէս ըսած է.-
2022 թուականին Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը 2021 թուականի համեմատ աճած է 4 անգամով:ՀՀ դեսպանը աւելցուցած է, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսիի այցը Հայաստան նոր շունչ հաղորդած է երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններուն առընթեր։ Դեսպան Փօլատեան նաեւ նշած է, որ Հայաստան վերջին շրջանին եգիպտացի գործարարներու համար գրաւիչ կը համարուի ներդրումներու առումով, եւ գուցէ դանդաղ, բայց այդ գործընթացը կայ։
Վերջինիս խօսքով ՝Հայաստանը հետաքրքրուած է Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցող միջազգային ցուցահանդէսներու մասնակցութեամբ: Այս տարի մարտին Հայաստան մասնակցած է Գահիրէի 56-րդ միջազգային ցուցահանդէսին։ Սոյն թուականի ընթացքին Հայաստան կը մասնակցի նաեւ Food Africa ցուցահանդէսին:
Լուրը պատրաստաեց ՝«Յ»