image

Եգիպտահայ համայնքին մեծ կորուստ. Ոչ եւս է ՀԲԸՄ-ի նուիրեալներէն՝ Վիգէն Ճիզմէճեանը

  Եգիպտահայ համայնքին մեծ կորուստ. Ոչ եւս է ՀԲԸՄ-ի նուիրեալներէն՝ Վիգէն Ճիզմէճեանը

 Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի ունեցած է երէկ Գահիրէի Առաջնորդանիստ ՝Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահութեամբ՝ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանին ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներու,  բարեկամներու, համայնքային ներկայացուցիչներու, ու նաեւ ՀԲԸՄ-ի իր գաղափարի ընկերներուն։

Գահիրէի մէջ  չարաղէտ հիւանդութեան  հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է գաղութի ականաւոր գործիչներէն, ՀԲԸՄ-ի նուիրեալ անդամ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Գահիրէիէն 

 

 Համայնքի կեանքին հետ շաղախուած Տօքթ. Վիգէնը եղած է անհատ մը, որուն ներկայութիւնը կը լեցնէր գաղութին կեանքը, միութենական թէ մարզական ասպարէզներու մէջ:

Մանկութենէն, հակառակ իր հանդարտաբարոյ նկարագրին, եռանդուն եղած է միշտ եւ փայլուն, ոչ միայն դպրոցական եւ համալսարանական ուսման, այլ նաեւ միութենական կեանքին մէջ: 

Պատասխանատւութեան գիտակցութիւնը զինք առաջնորդած է իր անսակարկ նուիրումը բերելու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան աշխատանքներուն, երբ տասը երկար տարիներ օժանդակած է անոր աշխատանքներուն, առանց պաշտօնական որեւէ պիտակի, որմէ ետք անմիջապէս Գահիրէի մասնաճիւղին ատենապետ կարգուած է, իր համակարգուած մտածողութեան եւ աշխատանքին համար:

Նախակրթական ուսումը Հելիոպոլսոյ Նուպարեան Ազգային վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, յաճախած է Յիսուսեան երկրորդականը եւ վկայուած Գահիրէի Քասր Էլ էյնի համալսարանէն, որպէս ատամնաբոյժ-վիրաբոյժ:

Եղած է հաղորդակցութեանց տնօրէն եւ պաշտօնական բանբեր ֆութպոլիԱփրիկեան ֆետերասիոնին, անդամ ՖԻՖԱ-ի աշխարհի մրցումները կազմակերպողյանձնախումբին, եղած է տեղեկատուութեանց պատասխանատու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, պաշտօնական լրատու եւ ծրագրումի տնօրէն ափսիկեան ֆութպոլի ախոյեանութեան, Եգիտպոս, անդամ ՖԻՖԱ-ի լրատուութեան յանձնախումբին, անդամ Եգիպտոսի ֆութպոլի միութեան գործադիր յանձնաժողովին, ՖԻՖԱ-ի լրատուութեան պատասխանատու աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքին, Գանատա, ՖԻՖԱ-ի պատուիրակ ֆութպոլի միջազգային մրցումներուն, ծրագրումի տնօրէն ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ախոյեանութեասն երիտասարդաց մրցումներուն, Եգիպտոս:

Եգիպտահայ համայնքէն ներս ունեցած է ծաւալուն գործունէութիւն՝ անդամ եղած է Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Կռունկ երգբչախումբին, օժանդակ անդամ Գահիրէի ՀՄԸՄ-ՆՈՒՊԱՐի երիտասարդաց վարչութեան, խմբապետ ՀՄԸՄ-ՆՈՒՊԱՐի սկաուտական շարժումին, անդամ, ապա ատենապետ Գահիրէի ՀՄԸՄ-ՆՈՒՊԱՐ-ի երիտասարդաց յանձմախումբին, անդամ Գահիրէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղշեցւոյ հոգաբարձութեան, վարչութեան անդամ Գահիրէի ՀՄԸՄ-ՆՈՒՊԱՐ մարզական ակումբին, անդամ Գահիրէի Թեմական Ժողովին, օժանդակ անդամ Գահիրէի ՀԲԸՄի վարչութեան,

Խմբագիր Եգիպտոսի ՀԲԸՄի կայքէջին, խմբագրական խորհրդատու ՀԲԸՄի «Տեղեկատու» հանդէսին, անդամ ՀԲԸՄի Եգիպտոսի Շրջանակային Յանձնաժողովին, ապա՝ փոխ-ատենապետ եւ մինչեւ օրս՝ ատենապետ ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաժողովին:

 

 Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի ունեցած է երէկ Գահիրէի Առաջնորդանիստ ՝Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահութեամբ՝ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանին ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներու,  բարեկամներու, համայնքային ներկայացուցիչներու, ու նաեւ ՀԲԸՄ-ի իր գաղափարի ընկերներուն։

 

 Տօքթ. Վիգէն Ճիզմէճեանի մահը խոր սուգի պատճառ դարձած է Եգիպոսի հայկական շրջանակներուն ու մանաւանդ Գահիրէի հայկական շրջանակներուն մէջ ու անոր մահով կարեւոր էջ մը կը փակուի ու նաեւ նուիրեալ անհատականութիւն մը կը հեռանայ հայոց համայնքէն։