image

Դիւանագիտական կապերու վերականգնումէն ետք Իսրայէլ Թուրքիոյ մէջ դեսպան նշանակած է

Դիւանագիտական կապերու վերականգնումէն ետք Իսրայէլ Թուրքիոյ մէջ դեսպան նշանակած է

Դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնումէն ետք Իսրայէլ Թուրքիոյ մէջ դեսպան նշանակած է: Այս մասին յայտնած է A Haber հեռուստաալիքը ։

Ինչպէս նշած է հեռուստաալիքը, Իսրայէլի դեսպան նշանակուած է Իրիթ Լիլիանը:

Աւելի վաղ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտնած էր, որ Թուրքիան նոյնպէս որոշում կայացուցած է վերականգնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ դեսպան նշանակել Իսրայէլի մէջ:

Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կտրուկ վատացած էին 2010 թուականին` Թուրքիայէն Կազայի հատուած դուրս եկած «Մաւի Մարմարա» նաւու` իսրայէլեան յատուկ նշանակութեան զօրքի կողմէ զաւթումէն ետք:

2018 թուականի մայիսին Անգարան Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպանին առաջարկած էր լքել երկիրը` Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի կազմաւորման 70-ամեակի եւ ԱՄՆ դեսպանատունը Թէլ Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու ֆոնին կայացած բողոքի ցոյցերէն ետք: Այն ժամանակ բախումներու հետեւանքով զոհուած էր 59 պաղեստինցի, աւելի քան 2,7 հազար մարդ վիրաւորուած էր։