image
Հրատապ լուրեր:

Դիրքերու յստակեցման աշխատանքները կը շարունակուին. ՊՆ–ն` Տեղ գիւղի մօտ առկայ վիճակի մասին

Դիրքերու յստակեցման աշխատանքները կը շարունակուին. ՊՆ–ն` Տեղ գիւղի մօտ առկայ վիճակի մասին

Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի շրջանին մէջ դիրքերու յստակեցման աշխատանքները դեռ չեն աւարտած։ «Sputnik Արմենիա»ի հարցմանն ի պատասխան այս մասին յայտնած են ՀՀ ՊՆ–էն:

«Տուեալ տարածքում դիրքերի տեղակայման կէտերի յստակեցման աշխատանքները ներկայում շարունակւում են», –ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հարցին, թէ քանի քառակուսի քիլոմեթր տարածք Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է Տեղ գիւղի մօտակայքը, գերատեսչութիւնը չէ պատասխանած:

Աւելի վաղ «Sputnik Արմենիա»ի նոյն այդ հարցին պատասխան չէր տուած նաեւ ՀՀ ԱԱԾ–ն։