image

Իրանը տասնեակ հրթիռներ արձակեց Արաբական Ծոցի ամերիկեան դիրքերու ուղղութեամբ 

Իրանը տասնեակ հրթիռներ արձակեց Արաբական Ծոցի ամերիկեան դիրքերու ուղղութեամբ 

Թեհրան հարուածներ հասցուցած է Պարսից ծոցի տարածաշրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններու դէմ՝ ի պատասխան ԱՄՆ-ի վերջին հարուածներուն, որոնք տեղի ունեցած են Իրանին «ուժգին» հարուածներ հասցնելու ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախազգուշացումէն ետք։

Իրան 12 պալիսթիք հրթիռներով հարուածած է Յորդանանի «Մուաֆֆաք Սալթի» ռազմակայանին մէջ ամերիկեան F-35, F-15 եւ F-16 կործանիչներու տեղակայման վայրին, ինչպէս նաեւ Ազրաքի օդակայանի կարեւոր ռազմական կառոյցներուն եւ կառավարման կեդրոնին:

ԱՄՆ Կեդրոնական Հրամանատարութիւնը (CENTCOM) յայտարարած է, որ աւարտած է «ինքնապաշտպանական հարուածները», որոնք կը շարունակուէին արդէն երկրորդ օրը անընդմէջ։

«CENTCOM-ի ուժերը հարուածներ հասցուցած են Իրանի ռազմական վերահսկողութեան կարողութիւններուն, կապի համակարգերուն եւ հակաօդային պաշտպանութեան կայաններուն ամբողջ Իրանի տարածքին վրայ»,– գրած է հրամանատարութիւնը X հարթակին վրայ՝ աւելցնելով, որ թիրախաւորուած իրանական կառոյցները սպառնալիք կը ներկայացնէին ամերիկեան ուժերուն եւ տարածաշրջանի ջուրերով անցնող միջազգային առեւտրական նաւերուն համար։

 

Աւելի վաղ Թրամփ յայտարարած էր, թէ Իրան չափազանց երկար ժամանակ պահանջած է համաձայնագրի հասնելու համար, եւ որ այդ երկիրը ծանր գին պիտի վճարէ։

Իրանական լրատուամիջոցներու համաձայն՝ ԱՄՆ-ի վերջին յարձակման ընթացքին պայթումներ լսուած են Իրանի հարաւային շրջաններուն մէջ՝ Հորմուզի նեղուցին մօտ գտնուող քաղաքներուն մէջ, ուր յունիս 10-ին ամերիկեան ուժերը հարուածած էին հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, ռատարները եւ այլ կառոյցներ։

Ի պատասխան ամերիկեան նոր հարուածներուն՝ Իրան յայտարարած է, որ յարձակում գործած է Պահրէյնի եւ Քուէյթի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններուն դէմ։ Թեհրան նոյն այդ ռազմակայանները թիրախաւորած էր նաեւ յունիս 10-ի հարուածներուն ընթացքին։

Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան Պահակագունդը յայտարարած է, որ հարուածած է նաեւ Հորմուզի նեղուցով անցնող երկու նաւթատար նաւ։

 

Մինչ այս իրանական պետական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Հորմուզի նեղուցը «ամբողջովին փակուած է բոլոր տեսակի նաւերու համար»։

ԱՄՆ-ի այս վերջին յարձակումէն քանի մը ժամ առաջ Թրամփ զգուշացուցած էր. «Երէկ անոնց ուժգին հարուածեցինք, իսկ այսօր դարձեալ ուժգին պիտի հարուածենք»։

Իր կարգին, ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ յայտարարած է, թէ Իրանին տրուած էր համաձայնագիր կնքելու կարելիութիւն, սակայն ան չէ օգտուած անկէ։ Հեկսեթ աւելցուցած է, որ ռումբեր պիտի տեղան երկրի «հիմնական կառոյցներուն վրայ»։

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարած է, որ Իրան «կտրուկ պիտի դիմադրէ ամէն տեսակի ճնշումի կամ սպառնալիքի»։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի վաղ մեղադրած էր ԱՄՆ-ը, թէ իր հակասական ուղերձներով եւ զինադադարի խախտումներով վնաս կը հասցնէ դիւանագիտական գործընթացին։