Դէպի Նախիջեւան ճանապարհը պիտի ըլլայ Իրանով.Պայրամով

Դէպի Նախիջեւան ճանապարհը պիտի ըլլայ Իրանով.Պայրամով

Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապ պիտի հաստատուի Իրանի տարածքով: Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

«Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հետ կապուելու համար ունի այլընտրանքային ճամբայ Արաքս գետով` շրջանցելով Հայաստանը: Այդ նպատակով, ըստ Իրանի հետ պայմանաւորուածութեան , Պաքու արդէն սկսած է Արաքս գետի վրայով առաջին կամուրջի կառուցումը», նշած է ան։

Պայրամով նաեւ յայտնած է, որ Հայաստան կը ձգձգէ «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը՝ ընդգծելով, որ Պաքու, ամէն պարագայի, երթեւեկի հաղորդակցութիւն պիտի հաստատէ Նախիջեւանի հետ:

Ան նշած է, թէ «պարզապէս Հայաստանին կարելիութիւն տրուած է, որ դուրս չմնայ տարածաշրջանային համագործակցութենէն, եւ եթէ Երեւան սխալ որոշում տայ, ինքնիրեն պիտի վնասէ»: