29 մարտին արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Սիւնիքի մարզին մէջ: Դաւիթ Բեկ գիւղին մէջ ականի պայթումի պատճառով բնակիչը վիրաւորուած է: Այս մասին կը հաղորդէ Shamshyan.com-ը:
Վնասուածք ստացած քաղաքացին «դէմքի շրջանի եւ զոյգ դաստակների հրազէնային, բեկորային վնասուածքներ» ախտորոշմամբ տեղափոխուած է «Կապան» բժշկական կեդրոն:
Ոստիկանները պարզած են, որ վիրաւորը Կապան համայնքի Դաւիթ Բեկ բնակավայրի բնակիչ, 32-ամեայ Ա. Իւանովն է, որ, ըստ նախնական տեղեկութիւններու, վնասուածքները ստացած է ականի պայթումի հետեւանքով:
Փաստի առթիւ հետաքննութեան բաժանմունքէն ներս նիւթեր կը նախապատրաստուին:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել