image

Դամասկոսի մէջ իրանցի բարձրաստիճան պատասխատուն՝ սպաննուած. Իրան սպառնաց Իսրայէլին

Դամասկոսի մէջ իրանցի բարձրաստիճան պատասխատուն՝ սպաննուած. Իրան սպառնաց Իսրայէլին

Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի բարձրաստիճան ռազմական խորհրդականը սպանուած է երկուշաբթի Դամասկոսի արուարձանին մէջ Իսրայէլի օդային հարուածի ժամանակ, գրած է mehrnews.com:

Նշուած է, որ Սէյիտ Ռազի Մուսավին եղած է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի «Ալ-Քուտս» յատուկ ստորաբաժանումներու նախկին հրամանատար Քասեմ Սոլէյմանիի մտերիմներէն. Սոլէյմանին սպանուած էր 2020-ին Իրաքի մէջ՝ Միացեալ Նահանգներու օդային հարուածի հետեւանքով:

Յայտարարութեան մէջ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդը հաստատած է Մուսավիի սպանութիւնը՝ ըսելով, որ ան զօրախումբի զօրավար էր եւ «նահատակ զօրավար Հաճ Քասեմ Սոլէյմանիի մտերիմներէն էր եւ պատասխանատու էր Սուրիոյ մէջ Դիմադրութեան ճակատի նիւթատեխնիկական ապահովման համար»:

Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդը երդուած է վրէժ լուծել Իսրայէլէն՝ զօրավարի նահատակութեան համար:

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին յայտարարած է, որ Իսրայէլի ռեժիմն անպայման պիտի վճարէ Սուրիոյ մէջ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի աւագ ռազմական խորհրդականի սպանութեան իր յանցաւոր արարքի գինը: