Իրանի նախագահը շարք մը յայտարարութիւններով հանդէս եկած է՝ Իսրայէլն ու ԱՄՆ-ն մեղադրելով Իսլամական Հանրապետութիւնը զինաթափելու եւ ոչնչացնելու ձգտման մէջ։
«Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ անոնք մեզ զրկեն մեր ռազմական եւ պաշտպանական կարողութիւններէն եւ ստիպեն խոնարհիլ»,– շեշտած է Մասուտ Փեզեշքիանը։
Միեւնոյն ժամանակ ան նշած է, որ Իրանը չուզեր ներխուժել որեւէ երկիր եւ Իսրայէլի նման ընդարձակել իր տարածքները, քանի որ բոլոր դրացի երկիրները կը համարէ իր եղբայրները։
Ան մտահոգութիւն յայտնած է, որ Իսրայէլն ու ԱՄՆ-ը կը փորձեն Պարսից ծոցի երկիրները տրամադրել Թեհրանի դէմ, եւ իրանական կողմը կ՚աշխատի այդ մէկը կանխելու ուղղութեամբ։ Փեզեշքիան կրկնած է, որ կարգաւորման գործընթացին եւ բանակցութիւններուն կը խոչընդոտէ ամերիկեան կողմը։
«Մենք պէտք է հասկնանք, թէ ի՛նչ կ՚ընենք։ Պէտք է հասկնանք՝ ե՛րբ կռուիլ, եւ ե՛րբ խաղաղութիւն կնքել»,– շարունակած է պաշտօնեան։
Խօսելով ներքին զարգացումներու մասին՝ նախագահը վստահեցուցած է, որ Կառավարութեան եւ զինուած ուժերուն միջեւ տարաձայնութիւններ չկան։
«Իրանը միասնական է, հակառակը միայն թշնամիները կ՚ուզեն տեսնել»,– աւելցուցած է Փեզեշքիանը։