Հայաստանի Չորրորդ Հանրապետութեան հեղինակը Հայաստանի ժողովուրդն է, իշխանութիւնները այդ ձեւակերպողներն են:«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան 7–րդ համաժողովի շրջածիրէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով կուսակցութեան ընդունած հռչակագրին, որով կուսակցութիւնը Հայաստանի Չորրորդ Հանրապետութեան հաստատումը հռչակեց որպէս առաջիկայ ռազմավարական ընելիք:
Անդրադառնլով հարցին, թէ ինչո՞ւ կ՚ուզեն փակել Երրորդ Հանրապետութեան էջը՝ վարչապետը պատասխանած է. «Երրորդ Հանրապետութիւնը մեր ժառանգութիւնն է, մեր ինքնութեան մի մասն է: Բայց մենք նոր փուլ ենք թեւակոխում: Նոր կտակարանում ասւում է՝ «նոր գինին՝ նոր տիկերի մէջ: Երրորդ Հանրաետութիւնը մեր ինքնութիւնն է, մեր պետութիւնն է, մենք սիրում ենք, բայց՝ նոր գինին` նոր տիկերի մէջ»:
Ան պարզաբանած է՝ խօսքը Չորրորդ Հանրապետութեան հաստատման քայլերու մասին է:
«Իմ կարծիքով՝ Չորրորդ Հանրապետութիւնը հաստատուած է: Ե՞րբ է հաստատուել Չորրորդ Հանրապետութիւնն ու ինչպէ՞ս: Չորրորդ Հանրապետութիւնը հաստատուած է խաղաղութեամբ, Չորրորդ Հանրապետութիւնը հաստատուած է Ալամաթիի հռչակագրի վերահաստատմամբ, Չորրորդ Հանրապետութիւնը ստեղծուած է Կիրանցով եւ Ոսկեպարի եկեղեցիով: Եւ մենք այդ քաղաքական տրամաբանութիւնն ու բովանդակութիւնը պէտք է դարձնենք մեր իրականութեան անբաժանելի մաս»,–ըսած է վարչապետը:
Փաշինեանը յստակեցուցած է, թէ ինչն է «նոր գինին», որ պէտք է ըլլայ «նոր տիկերու» մէջ:
«Ես ուզում եմ ընդգծել ԵՄ–ին անդամագրուելուն ուղղուած քայլերի ակտիւացումը: Ըստ էութեան, այդ ամէն ինչի առանցքում խաղաղութիւնն ու նոր քաղաքական բովանդակութիւնն է, որ ձեւակերպուած է «Իրական Հայաստան»–ի գաղափարախօսութեան մէջ: Չորրորդ Հանրապետութիւնն արդէն ստեղծուած է, կայ: Մենք այսօր բոլորիս ուշադրութիւնն ենք հրաւիրում այդ փաստի վրայ: Եւ մեր առաջիկայ անելիքներն ուզում ենք ձեւակերպել այնպէս, որ այդ փաստը դառնայ ձեւակերպուած իրականութիւն: Չորրորդ Հանրապետութեան հեղինակը ՀՀ ժողովուրդն է: Դա մենք չենք հեղինակել: Մենք Չորրորդ Հանրապետութիւնը ձեւակերպողներն ենք»,–ըսած է վարչապետը: