Չինաստանի Ֆուցզիան նահանգին մէջ յայտնաբերած են նոր տիպի «Քորոնա» ժահրով վարակման 6 եւ ասիմպտոմային (առանց տեսանելի ախտանիշի) 18 դէպք, կը հաղորդէ «Սինհուա» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով տեղական իշխանութիւնները:
Նոր օճախ յայտնաբերուած է Փութիան քաղաքի Սիանիու գաւառին մէջ։ Փութիան քաղաքին մէջ մէկ օրուան մէջ հիւանդութեան 19 դէպք յայտնաբերուած է, Ցիւանչժոու քաղաքին մէջ՝ 1 դէպք։
Ընդամէնը մէկ օրուան մէջ Չինաստանի մէջ 46 նոր վարակակիր յայտնաբերուած է, որոնցմէ աւելի քան կէսը արտերկրէն ժամանած է:
Աւելի վաղ՝ 19 Յունուարին, Չինաստանի առողջապահութեան պետական կոմիտէն յայտարարած էր Ցզիլին հիւսիսարեւելեան նահանգին մէջ վարակման օճախի մասին: Այնտեղ մէկ օրուան մէջ գրանցուած է վարակի 43 դէպք։
Առաջին դէպքը յայտնաբերելէ ետք իշխանութիւնները տեղի բնակիչներէն վերցուցած են 81 938 նմուշ։
Նախնական տուեալներով ՝ «Քորոնա» ժահրի տարբերակը նոյնականացուած է որպէս «տելթա» շտամ:
Ներկայիս, ԱՀԿ-ի տուեալներով, աշխարհի մէջ կայ աւելի քան 223 միլիոն հիւանդ, իսկ Ճոնս Հոփքինսի համալսարանի հաշուարկներով՝ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասած է 224 միլիոնի: