image

Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին. Եպիսկոպոսական Սուրբ Պատարագ՝ Նիւ Եորքի մէջ

Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին. Եպիսկոպոսական Սուրբ Պատարագ՝ Նիւ Եորքի մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին տեղի ունեցած հաւաքներու եւ կամ կրօնական արարողութեանց մասին մեր լրատւութիւնը կը շարունակուի։

Այս լուրով կը ներկայացնենք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմէն ներս տեղի ունեցած յիշատակի արարողութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Արեւլեան Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

24 Ապրիլին, Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի նախագահութեամբ, Սբ. Պատարագ մատուցուեցաւ Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ՝ ոգեկոչելով Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակը։ Պատարագիչն էր Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթռեան։ Արարողութեան մասնակցեցան առաջնորդական փոխանորդ եւ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, եւ Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան:

Յաւարտ Սբ. Պատարագի, տեղի ունեցաւ մոմավարութիւն եւ մատաղօրհնէք: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կարճ յայտագիր մը, որուն յաջորդեց քայլարշաւը դէպի Թայմզ Սքուէր, կազմակերպութեամբ Հայ Դատի Յանձնախումբի Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղերուն, եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Մուշ», «Հայորդիք» եւ «Արսէն» մասնաճիւղերուն։