Ես դիմեր եմ սահմանուած կարգով՝ որպէս «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամ, որ զիս հնարաւորութիւն ընձեռնուի ընգրկուելու ցուցակի նախնական ընտրութեան կազմին մէջ: Զիս որեւէ հիմնաւորում չներկայացնելով`«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը մերժած է: Ես սահմանուած կարգով բողոքարկեր եմ վարչութեան որոշումը, զիս հրաւիրեր են վարչութեան նիստի եւ որեւէ ընդունելի պատճառաբանութիւն չէ ներկայացուած, իմ դիմումը մերժուած է: Առաջիկային չեմ կրնար իրացնել իմ իրաւունքը որպէս կուսակցական եւ ըլլալ ցուցակին մէջ: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Սարգսեանը:
«Կուսակցութիւնը որդեգրել է քաղաքականութիւն, որ պէտք է լինի թափանցիկութիւն ու հաւասարութիւն, պէտք է բոլոր կուսակցականների համար թափանցիկ լինի գործընթացը: Ցաւօք սրտի, իմ բազմաթիւ կուսակցական ընկերները տարակուսանք են յայտնում, իրենք տեղեկացուած չեն, թէ ինձ ինչու թոյլ չի տրուել ընդրգրկուել ցուցակում: Առաջիկայում եթէ որեւէ բան չփոխուի ու վարչութիւնը նոր որոշում չկայացնի եւ նիստ չանեն ու չորոշեն, որ իմ նկատմամբ սխալ են արել՝ ես չեմ լինի առաջիկայ ընտրութիւններում «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ցուցակում: Ասեմ, որ էլ նման ցանկութիւն չունեմ լինել նախընտրական ցուցակում»,- նշած է ան:
Հարցին, թէ պիտի մնա՞յ արդեօք որպէս «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի անդամ, Հայկ Սարգսեանը պատասխանած է, որ մինչեւ 2026 թուականի նոր ընտրութիւններու աւարտը՝ 2026 թուականի սեպտեմբերը, պիտի շարունակէ իր լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ աշխատիլ:
Անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպում ծրագրելուն՝ Սարգսեանը նշած է, որ չունի նման ծրագիր եւ ատոր անհրաժեշտութիւնը չկայ. «Ես հասկացայ, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութիւնը չի ցանկանում, որ ես լինեմ նախընտրական ցուցակում»: