ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով Երեւանի տարբեր հատուածներուն մէջ օրուայ ընթացքին իրականացուած են անհնազանդութեան արշաւներ: Անոնք այս պահուն ալ կը շարունակուին: Արշաւի մասնակիցները, տարբեր կոչեր հնչեցնելով, ներկայ պահուն երթով կը շարժին դէպի Օփերա՝ միանալու անհնազանդութեան արշաւներ իրականացուցած միւս խումբերուն:
Երթը մեկնարկած է Բաղրամեան-Պռոշեան խաչմերուկէն, որ նախ փակուած է երթի մասնակիցներու կողմէ: Ոստիկանութիւնը անոնց տուած է ողջամիտ ժամկէտ՝ ճանապարհը բանալու համար: Պահանջը չկատարելէ ետք ոստիկանութիւնը բացած է փակուած խաչմերուկը: