image

Մարոքի մէջ բողոքի ցոյցեր

Մարոքի մէջ բողոքի ցոյցեր

Մարոքի մէջ արդէն վեց օր է կը շարունակուին կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցերը։ Անոնք սկսած էին խաղաղ եւ թոյլատրուած՝ իշխանութիւններու կողմէ, սակայն վերածուած են անկարգութիւններու, որոնց հետեւանքով զոհուած է 3 մարդ, աւելի քան 350 անձ՝ վիրաւորուած: Այս մասին կը հաղորդէ Euronews-ը՝ յղում տալով Մարոքի Թագաւորութեան Ներքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան։

Մարոքի փողոցներ դուրս ելած հազարաւոր մարդիկ բողոքի ցոյցեր կը կատարեն փտածութեան դէմ՝ բարեփոխումներ պահանջելով առողջապահական եւ կրթական համակարգերու մէջ: Ամենամեծ բողոքի ցոյցերը տեղի կ'ունենան Մարաքէշի, Քասապլանքայի, Թանժերի, Սալէի եւ Թեթուանի մէջ:

Երթերու ընթացքին կոչեր հնչած են վարչապետ Ազիզ Ահանուշի հրաժարականի վերաբերեալ: «GenZ 212» առցանց խումբի կողմէ նախաձեռնուած ցոյցերը վերջին տարիներուն դարձած են ամենամեծը Մարոքի մէջ: