Ֆրանսայի մէջ բողոքի ցոյցեր սկսած են կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութենէն քաղաքացիներու դժգոհութեան պատճառով:
Բողոքի ցոյցի հիմնական պատճառը կառավարութեան կողմէ կենսաթոշակներն ու ընկերային նպաստները գնաճին չհամեմատելու որոշումն է՝ գումար խնայելու նպատակով։
Յիշեցնենք, որ ֆրանսայի վարչապետ Ֆրանսուա Պայրոն հրաժարական տուած էր, երբ խորհրդարանը անվստահութիւն յայտնած էր կառավարութեան: Նոր վարչապետ նշանակուած է Սեբաստիան Լեքորնիւն: