Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնը սեպտեմբեր 18-ի երեկոյեան հաղորդած է, որ երկրին մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերուն մասնակցած է 500 հազարէ աւելի մարդ, որոնցմէ 55 հազարը՝ Փարիզի մէջ։ Այդ մասին, ըստ «Արմէնփրէս»-ի, կը տեղեկացնէ «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը։
«Ինչ կը վերաբերի ձերբակալութիւններուն, անոնց թիւը կազմած է 309, իսկ 134 մարդ կալանքի տակ առնուած է», -յայտարարած է Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պրիւնո Ռեթայոն՝ ֆրանսական լրատուամիջոցններու եթերով։
Ան պարզաբանած է, որ այս թիւերը կրնան փոփոխուիլ։
«Մենք կրցանք երաշխաւորել ցոյցերը խաղաղ կատարելու ազատութիւնը», — աւելցուցած է Ներքին գործոց նախարարը։
Ան ընդգծած է, որ «գրեթէ բոլոր» ցոյցերը անցած են կարգ ու կանոնի պահպանմամբ։
Ռեթայոն նաեւ յայտնած է, որ ցոյցերուն ընթացքին վիրաւորուած է 26 իրաւապահ։
Վարչապետ Սեպասթիան Լըքոռնիւն խստօրէն դատապարտած է իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներու վրայ յարձակումները։
Վարչապետը վստահեցուցած է, որ ցուցարարներուն պահանջները կը գտնուին երկրի քաղաքական ուժերու հետ ընթացիկ խորհրդակցութիւններու կեդրոնը, եւ յայտնած է, որ առաջիկայ օրերուն պիտի հանդիպի արհմիութիւններուն հետ։
Արհմիութիւնները, որոնք ժողովուրդը ոտքի հանած են կառավարութեան կողմէ տնտեսութեան ոլորտին մէջ խիստ միջոցառումներ իրագործելու ծրագրերուն դէմ, բողոքի ցոյցերու անցած օրը կը համարեն իրենց յաջողութիւնը։ Անոնց ներկայացուցիչները, իրենց հերթին, ցոյցերու մասնակիցներու թիւը կը նշեն 800 հազարէն մինչեւ 1 միլիոն։
Ֆրանսայի առաջատար արհմիութիւններու առաջնորդները յայտարարած են, որ սեպտեմբեր 19-ին համատեղ խորհրդակցութիւն պիտի իրականացնեն՝ որոշելու համար, թէ ինչպէս շարունակել պահանջներու արշաւը։