image

Baku TV–ով ամբողջ Հայաստանը քարտէզով ներկայացուած է որպէս Ատրպէյճան. Թաթոյեան (Լուսանկար)

Baku TV–ով ամբողջ Հայաստանը քարտէզով ներկայացուած է որպէս Ատրպէյճան. Թաթոյեան (Լուսանկար)

Ատրպէյճանի իշխանական Baku TV հեռուստաալիքով Հայաստանի ամբողջ տարածքը քարտէզով ներկայացուած է, որպէս Ատրպէյճան համայնքներով հանդերձ: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է «Թաթոյեան» հիմնադրամի ղեկավար, նախկին մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան եւ այդ ամէնը որակած որպէս ատրպէյճանական կեղծ խաղաղասիրութեան հերթական ապացոյց։

Ան շեշտած է, որ այդ դէպքը արձանագրուած է 4 օր առաջ։

«Այս պետութեան իշխանութիւնը չունի խաղաղութեան որեւէ մտադրութիւն ու ֆաշիստական նոր արհաւիրք է նախապատրաստում Հայաստանի համար: Ի՞նչ խաղաղութիւն այս մարդկանց հետ. որքան զիջես, այդքան նորից կ'ուզեն»,– գրած է Թաթոյեան։

Ան շեշտած է, որ սա միայն քարտէզի հարց չէ, այլ յատկապէս 2022-էն սկսեալ Հայաստանի դէմ ուղղուած պետական համակարգուած քաղաքականութեան մաս`քարոզչական բաղադրիչներով, թէ´ ներքին եւ թէ՛ արտաքին լսարանի համար:

Թաթոյեան ընդգծած է, որ պէտք է ճիշդ գնահատել սպառնալիքները, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ արդիւնաւէտ ձեւով պայքարիլ անոնց դէմ: