image

Բախումներ Լիբանանի Սայտա քաղաքին մէջ. Կան զոհեր եւ վիրաւորներ (Տեսանիւթ)

Բախումներ Լիբանանի  Սայտա  քաղաքին մէջ. Կան զոհեր եւ վիրաւորներ (Տեսանիւթ)

Լիբանանի Սայտա (Հարաւային հատուած)  քաղաքին մէջ երէկ սկիզբ առաղ բախումները կը շարունակուին։

 

 Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ լիբանանեան լրասփիւռներէ։ Աղբիւրները կը հաղորդեն, որ մէկ կողմէ «Ասպաթ ալ անսար» խմբաւորման եւ միւս կողմէ ալ «Ֆաթհ» շարժումին միջեւ ընթացող բախումները ծայր առած էին, երբ անծանօթներ օրը ցերեկով կրակ բացած ու սպաննած էին «ֆաթհ» շարժումի զինուորական պատասխանատու ՝ Ապու Աշրաֆ Ալ Ղաննուշին (տեսնել տեսանիւթը)։

    

 Վերջին տուեալներով բախումները մինչեւ այս լուրին խմբագրուիլը կը շարունակուին մեծ թափով եւ օգտագործման դրուած են միջին չափի ծանրութեան զէնքեր։ 

 

 «Այն ալ հըլուէ» գաղթակայանի չորս կողմերուն բացուած են ճակատներ եւ բախումներուն պատճառած ծուխը երեւելի է քաղաքի տարբեր հատուածներէն։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ «Ֆաթհ» չի պատրաստուիր դադրեցնել կրակը, այնքան ժամանակ, որ Ալ Ղանուշին սպաննած անձը չէ բացայայտուած եւ չէ յանձնուած իրաւապահ մարմիններուն։

 

 Լիբանանեան բանակը մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի դէպքերուն, սակայն մինչեւ այս պահը միջամտութեան կամ կրակը դադրեցնելու նախաձեռնութեամբ հանդէս չէ եկած։

 

 

 Լիբանանի մէջ ներ-պաղեստինեան բախումներու թեման նորութիւն մը չէ, եւ այն ունի «փայլուն» անցեալ, այն ժամանակներէն, երբ ընթացք առաւ Լիբանանը արիւնագամ ըրած քաղաքացիական ծանր պատերազմը։