Ազրպէյճան մտադիր է հրթիռային գերարդիական համակարգեր գնել Իսրայէլէն։ Այս մասին «Արեւելք» տեկեղութիւն ստացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն։
Աղբիւրը մասնաւորապէս կը գրէ, թէ իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» թերթը յայտնած է, որ Ազրպէյճան կը դիտարկէ Իսրայէլէն «Հեթց -3» համակարգը գնելու հարցը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր լարուածութեան լոյսին տակ: Պարբերականը կը գրէ. «Գործարքը կատարուելու պարագային, «Հեթց -3» համակարգը պիտի միանայ Պաքուի մէջ Իսրայէլի արտադրութեամբ տարբեր ռազմական միջոցներուն, ներառեալ «Հարոպ» մահապարտ ինքնաթիռը եւ «Լաուրա» հրթիռները»:
Թերթը համարած է, որ նման գնում կատարելու ուսումնասիրութիւնը կրնայ վկայել «Ազրպէյճանի ռազմական սկզբունքի փոփոխութեան» մասին, Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն ետք, նշելով, որ «նման գործարք օտաշատ պիտի ըլլայ»: