image

ԱԺ-ն ընդունեց «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ» յայտարարութեան նախագիծը

ԱԺ-ն ընդունեց «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ» յայտարարութեան նախագիծը

Ազգային Ժողովը ընդունեց «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ» յայտարարութեան նախագիծը։

Այսօր՝ հոկտեմբեր 2-ին, տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստը, որու օրակարգին վրայ մէկ հարց էր՝ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ» յայտարարութեան նախագիծը։ Այս նախագիծը հեղինակած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը։

Նախագիծի հիմնական զեկուցողը «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանն էր։ Ան ներկայացուց յայտարարութեան նախագիծը եւ կարեւորեց ատոր ընդունումը։

Ըստ Կոնջորեանի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած է խաղաղութիւն եւ Ազգային Ժողովն այս յայտարարութեան ընդունմամբ պէտք է իր աջակցութիւնը յայտնէ խաղաղութեան գործընթացին։

«Այս համատեքստում կարեւոր է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը՝ որպէս ժողովրդի կողմից առաջնային մանդատով ընտրուած ներկայացուցչական մարմին, յայտարարութեան միջոցով աջակցութիւն յայտնի խաղաղութեան գործընթացին եւ քաջալերի բոլոր շահագրգիռ կողմերին՝ պահպանելու եւ ամրապնդելու ձեռք բերուած խաղաղութիւնը»,- նշուած է նախագիծի հիմնաւորման մէջ:

Արտահերթ նիստին ներկայ էին միայն «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորները։ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները պոյքոթած էին նիստը։

Յայտարարութեան նախագիծն ընդունուած է 64 կողմ, 2 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ։ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի պատգամաւորները ծափերով ողջունած են նախագիծի ընդունումը։

«Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարութեամբ անդրադարձած է «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ» յայտարարութեան ընդունման՝ այն անուանելով նուաստացուցիչ եւ սպառնալիքներ ստեղծող։

«Յայտարարութիւնում, ինչպէս նաեւ Վաշինգտոնում ընդունուած որեւէ համաձայնութիւնում տեղ չեն գտել ադրբեջանական զինուած ուժերի կողմից Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներն ազատելու, Ադրբեջանում ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիների շուտափոյթ ազատ արձակման, արցախահայութեան անվտանգ վերադարձի իրաւունքի, Արցախում հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կանխելու պահանջները»,- նշուած է խմբակցութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

«Պատիւ ունեմ»-ը նոյնպէս քննադատած է յայտարարութեան ընդունումը՝ այն համարելով աշխարհաքաղաքական արկածախնդրութեան, միակողմանի զիջումներու, ազգային շահերը սակարկման հանելու եւ անորոշ ապագայի վերաբերեալ փաստաթուղթ։

«Շատ տարօրինակ է այս յայտարարութեան մտայղացումը մի փուլում, երբ Ադրբեջանի նախագահը շարունակում է գործել եւ խօսել ուժի դիրքերից, Հայաստանին ագրեսորի եւ ռազմական յանցագործի պիտակաւորում կարել, որը հակասում է ոչ միայն իրական խաղաղութեան օրակարգին, այլեւ Հայաստանի իշխանութիւնների՝ բանակցութիւնների վերաբերեալ հնչեցուած սկզբունքներին»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: