Կազայի հատուածին մէջ իրավիճակի կարգաւորման նպատակով ստեղծուած Խաղաղութեան խորհուրդը պաղեստինեան «Համաս» արմատական շարժումէն կ՚ակնկալէ զինաթափում՝ որպէս յաջորդ քայլ՝ վարչական լիազօրութիւններու փոխանցման մասին յայտարարութենէն ետք։ Այս մասին Խաղաղութեան խորհուրդը յայտարարութիւն հրապարակած է X հարթակին վրայ։
Միաժամանակ, խորհուրդը շեշտած է, որ «Համաս»-ի խօսքերուն չի վստահիր եւ հիմք պիտի ընդունի շարժման գործնական քայլերը։
«Մեր գնահատականը հիմնուած պիտի ըլլայ գործողութիւններու, եւ ոչ թէ խոստումներու վրայ։ Հիմնական սկզբունքը կը մնայ անփոփոխ՝ մէկ իշխանութիւն, մէկ օրէնք, մէկ զէնք։ Այդ կը նշանակէ ամբողջ զէնքի համախմբում «Կազայի կառավարման ազգային կոմիտէ»-ի ձեռքը»,– նշուած է խորհուրդի X հարթակին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։
Կազմակերպութիւնը յոյս յայտնած է, որ «Համաս»-ի ղեկավարութեան հետ նախատեսուած հետագայ քննարկումներու ընթացքին պիտի յաջողին հասնիլ շարժման լիակատար զինաթափման։
Յուլիս 6-ին, Կազայի մէջ շուրջ քսան տարի իշխող «Համաս» շարժումը յայտարարած է, որ կը լուծարէ իր կառավարութիւնը եւ իր վարչական լիազօրութիւնները կը փոխանցէ արհեստավարժ մասնագէտներէ (թեքնոքրատներ) կազմուած կոմիտէին։ Կազայի ղեկավարութիւնը ընդգծած է, որ պետական կառավարման համակարգին մէջ ներկայիս մնացած են միայն «թեքնիք աշխատակիցները»։
Կազայի կառավարումը ստանձնող թեքնոքրատներու կոմիտէն կազմաւորուած էր Յունուարին եւ իր առաջին նիստը գումարած էր Գահիրէի մէջ։ Վարչական մարմինը կը բաղկանայ 15 անդամէ եւ կը գլխաւորէ պաղեստինցի քաղաքական գործիչ Ալի Շաաթը, որ նախապէս զբաղցուցած է շարք մը բարձրաստիճան պաշտօններ Պաղեստինի ազգային վարչակազմին մէջ եւ կը համարուի քաղաքական ու տնտեսական ենթակառուցուածքներու վերականգնման հարցերու մասնագէտ։