image

ՄԱՀԱԵՄ-ի ՀԹ. համաժողովը՝ հաւատքի նորոգութեան եւ ծառայութեան վերահաստատման առիթ

ՄԱՀԱԵՄ-ի ՀԹ. համաժողովը՝ հաւատքի նորոգութեան եւ ծառայութեան վերահաստատման առիթ

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ՀԹ. Համաժողովը անգամ մը եւս դարձաւ հաւատքի, ծառայութեան եւ եղբայրական հաղորդակցութեան կարեւոր հանգրուան։ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ յարկին տակ գումարուած այս համաժողովը ոչ միայն առիթ եղաւ անցնող աշխատանքները գնահատելու, այլեւ՝ յառաջիկայ տարիներու առաքելութեան ուղղութիւնը յստակացնելու։

Աղօթքի եւ խորհրդակցութեան մթնոլորտին մէջ համախմբուած հովիւներն ու պատուիրակները վերահաստատեցին Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կոչումը՝ շարունակելու իր վկայութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի բարդ իրականութեան մէջ։ Յատկապէս խորհրդանշական էր, որ համաժողովի աւարտին հնչած պատգամը կապուեցաւ Եմմաւուսի ճամբուն պատմութեան հետ՝ ընդգծելով, թէ Յարուցեալ Քրիստոսը այսօր ալ կը քալէ Իր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին հետ։

Ստորեւ այդ առթիւ տարածուած  հաղորդագրութիւնը




Գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) ՀԹ. Համաժողովը յաջողութեամբ գումարուեցաւ 2026 թուականի 22 Յունիս 2016-ին, Պէյրութի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ մէջ։ Համաժողովը համախմբեց անդամ եկեղեցիներու հովիւները, պատուիրակները եւ պատասխանատուները՝ աղօթքի, խորհրդակցութեան եւ եղբայրական հաղորդակցութեան ոգիով։

Համաժողովի ընթացքին ներկայացուեցաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի համայնքային, կրթական եւ ընկերային ծառայութիւնները ներկայացնող տեսերիզը, որ արտացոլացուց մեր համայնքի բազմակողմանի ծառայութիւնն ու շարունակական վկայութիւնը։

Սուրիոյ պատուիրակները (Հալէպ եւ Քեսապ) Համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցեցան առցանց՝ Zoom հարթակով։

Օրակարգին մէջ ներկայացուեցան նախագահի տեղապահի եւ Կեդրոնական Մարմինի տեղեկագրերը։ Յատկապէս բարձր գնահատուեցաւ նախագահի տեղապահի տեղեկագիրը, որ ընդունուեցաւ որպէս ՄԱՀԱԵՄ-ի անդամ եկեղեցիներու յառաջիկայ ամիսներու ծառայութեան, վկայութեան եւ գործելակերպին հիմնական ուղղեցոյցն ու աշխատանքային օրակարգը։ Այնուհետեւ ընտրուեցան ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական Մարմինի նոր անդամները՝ յառաջիկայ երեք տարուան ծառայութեան համար։

Համաժողովը եզրափակուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքով, ուր պատգամը փոխանցեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։ Ղուկաս 24.13-35-ի՝ Եմմաւուսի ճամբուն պատմութեան հիման վրայ, ան շեշտեց, թէ ինչպէս Յարուցեալ Տէր Յիսուս Քրիստոս անտեսանելի կերպով քալեց երկու աշակերտներուն հետ, նոյնպէս ալ հաւատարմօրէն առաջնորդած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցին իր 180-ամեայ պատմութեան ընթացքին։

Իր պատգամին մէջ ան ընդգծեց, որ 180-ամեայ յոբելեանը միայն անցեալը յիշելու առիթ չէ, այլ՝ հաւատքը նորոգելու, Աւետարանին կրակը վերագտնելու եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը նոր յանձնառութեամբ շարունակելու կոչ։ Պատգամը եզրափակեց այն վստահութեամբ, որ նոյն Քրիստոսը, որ առաջնորդեց անցեալի սերունդները, այսօր ալ կը քալէ Իր ժողովուրդին հետ եւ պիտի շարունակէ առաջնորդել գալիք սերունդները։

Կը շնորհաւորենք ՄԱՀԱԵՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական Մարմինը եւ կ’աղօթենք, որ Տէրը շարունակէ առաջնորդել մեր Միութիւնը՝ իր առաքելութեան մէջ, ի փառս Աստուծոյ եւ ի շինութիւն մեր եկեղեցիներուն։