image

Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ համաձայնութիւնը խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ

Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ համաձայնութիւնը խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ողջունած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ խաղաղութեան շուրջ համաձայնագիրը։

Այս մասին Հայաստանի վարչապետը նշած է X-ի իր էջին կատարած գրառման մէջ։

«Ողջունում ենք Միացեալ Նահանգների եւ Իրանի միջեւ համաձայնութիւնը։ Մենք բարձր ենք գնահատում Փաքիստանի, Քաթարի, Թուրքիայի եւ այլոց միջնորդական ջանքերը»,-ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեանը։

ՀՀ վարչապետը նաեւ յոյս յայտնած է, որ այս նշանակալի զարգացումը պիտի հարթէ ճանապարհը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ համապարփակ եւ երկարատեւ խաղաղության համար։