Ազգային ժողովը, 7 ապրիլին, արտահերթ նիստին 2-րդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունած է «Ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը։ Այն ընդունուած է՝ 67 կողմ, 6 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայներով։
Այս նախագիծի դրոյթներէն մէկով կուսակցութիւններու դաշինքի անուանման մասով սահմանափակումներ կը մտցուին։
Խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնն իշխանութիւնը կը մեղադրէ, որ այս փոփոխութիւնը կը կատարուի, որ չգրանցուի «Ուժեղ Հայաստան», «Նոր դարաշրջան» եւ «Միաւորուած հայեր» կուսակցութիւններու դաշինքը՝ «Ուժեղ Հայաստան՝ Սամուէլ Կարապետեանի հետ» անուամբ։ Նախագիծի հեղինակները եւս չեն բացառեր, որ փոփոխութիւնը միտուած է այդ նպատակին։
Նոր նախագիծով այդ սահմանափակումները կը վերականգնուին՝ յստակեցնելով, որ կուսակցութիւններու դաշինքի անուանումը չի կրնար պարունակել անձնանուն, պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու անուանումներ, ատոնց հետ շփոթելու աստիճան նման անուանումներ եւ (կամ) ատոնց հոլովաձեւեր, ինչպէս նաեւ վիրաւորական կամ զրպարտչական բնոյթի բառեր ու այլ արտայայտութիւններ:
Ըստ նախագիծի՝ փոփոխութիւններու հիմնական նպատակն է շտկել բաց թողուած վրիպակը, ապահովել իրաւական որոշակիութիւնը եւ վերականգնել օրէնսգիրքի ներքին համակարգայնութիւնն ու գործող կարգաւորումներու միջեւ ներդաշնակութիւնը:
Ընդդիմութիւնը նիստին քննադատած է իշխանութիւնը՝ անընդունելի համարելով նախագիծը։ Ընդդիմադիրներու խօսքով՝ ընտրութիւններէն ընդամէնը երկու ամիս առաջ խաղի կանոններ փոխելը կը խախտէ Վենետիկի յանձնաժողովի պահանջներն ու միջազգային փորձը։
«Այս գործընթացն ինքնին հակաիրաւական է. դուք ընտրական օրէնսդրութիւն էք փոխում ընտրութիւններից երկու ամիս առաջ։ Ընդդիմադիր ամենամեծ քաղաքական յայտ ներկայացրած ուժը ներկայացրել է իր դաշինքի անունն, ու դուք յանկարծ օրէնք էք փոխում, որն արգելելու է դա անել։ Այստեղ չի կարող քննարկուել այս գործընթացի օրինականութիւնը»,- յայտարարած է «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեանը։