Երեւանի փոխքաղաքապետ, աւագանիի ընտրութիւններուն իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան թեկնածու Տիգրան Աւինեան յատուկ մշակուած հոլովակ պատրաստած է։
Աւինեանը վարած է 70 համարի երթուղիի «կազել»ը, եւ ուղեւորներուն տեղեկացնուցած, որ սա Երեւանը սպասարկող վերջին «կազել»ն է եւ անոնց հասցուցած է նոր հանրակառքեր։
«Մենք վերջին գազելի ուղեւորներն ենք։ Փոքրիկ անակնկալ ունենք»,- ըսած է Աւինեանը։