Նիւ Եորքի նահանգապետ Քեթի Հոքուլ արտակարգ դրութեան ռեժիմ յայտարարած է համանուն քաղաքին եւ նահանգի քանի մը շրջաններուն մէջ՝ սպասուող տեղատարափ անձրեւներուն եւ ուժգին քամիին պատճառով։ Աւելի վաղ արտակարգ դրութիւն յայտարարուած էր նաեւ հարեւան Նիւ Ճըրզի նահանգին մէջ։
«Գոհաբանութեան տօնին ընդառաջ սպասուող հզօր փոթորիկին պատճառով արտակարգ դրութիւն կը յայտարարեմ Նիւ Եորքի, ինչպէս նաեւ Նասաուի, Սաֆոլքի եւ Ուեսթչեսթըրի շրջաններուն մէջ։ Կը սպասուին տեղատարափ անձրեւներ եւ ուժգին քամիներ, որոնք կրնան երթեւեկութեան համար վտանգաւոր պայմաններ ստեղծել»,– X-ի իր էջին վրայ գրած է նահանգապետը։
Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Գոհաբանութեան տօնին առիթով ամերիկեան յայտնի հանրախանութներու ցանցի՝ Macy’s-ի ամէնամեայ աւանդական շքերթին կազմակերպիչները որոշած են ձեռնարկը Նոյեմբեր 26-էն տեղափոխել Նոյեմբեր 28։ Աւելի քան հարիւր տարուան ընթացքին առաջին անգամն է, որ նման փոփոխութիւն կը կատարուի։