Ամէնէն դժուար կացութիւնը ներկայիս Տնեփրի մէջ է, Տնեփրի շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ Զապորոժիէի մէջ։ Վերականգնման աշխատանքներուն համար անհրաժեշտ սարքաւորումներն ու ուժերը ամէնուր են, եւ սա շատ կարեւոր է։ Նոր հարուածներու սպառնալիքին պատճառով վերանորոգման աշխատանքները ստիպուած կ՚ըլլան ընդհատուելու, սակայն մեր ուժերը յաճախ պարզապէս անկարելի ու անհաւատալի գործեր կը կատարեն եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը շարունակեն աշխատանքը՝ ժողովուրդին ելեկտրականութիւնը վերադարձնելու համար։ Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։
«Ռուսերուն մարտավարութիւնը անփոփոխ կը մնայ. անոնք ճշգրիտ հարուածներ կը հասցնեն ելեկտրական ցանցերուն եւ ենթակայաններուն՝ ելեկտրականութեան փոխանցումը բարդացնելու նպատակով։ Մենք կը վերանորոգենք, եւ Ռուսիոյ իւրաքանչիւր հարուածին պիտի հակազդենք եւ պատասխանենք՝ արժանապատուօրէն», նշած է ան։