Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի յայտարարած է, որ Իսրայէլ կը փորձէ նոր հակամարտութիւն հրահրել Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ՝ Իրանը մեղադրելով դեղագործական գործարաններու մէջ քիմիական զէնք մշակելու մէջ։
Արաքչիի համաձայն՝ Իսրայէլ վերջին մէկ տարուան ընթացքին արդէն երկու անգամ Միացեալ Նահանգները ներքաշած է Իրանի դէմ մղուած ձախող պատերազմներու մէջ։
Աւելի վաղ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց մեղադրած էր Թեհրանը քիմիական զէնք մշակելու մէջ եւ յայտարարած, որ Իսրայէլ թոյլ պիտի չտայ անոր ստեղծումը։