Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համոզմամբ՝ կառավարութիւնը յաջողած է լուծել ծայրայեղ աղքատութեան հարցը։ Այս մասին վարչապետը յայտնած է լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին։
«Մենք մեծ հաւանականութեամբ լուծել ենք խնդիրը՝ ծայրայեղ աղքատութիւնը բերելով գրեթէ զրոյական մակարդակի: Դա նախնական տպաւորութիւն է, տեսնենք վիճակագրութեամբ կը հաստատվու՞ի, թէ՞ ոչ»,– ըսած է վարչապետը։
Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է, որ կառավարութիւնը աղքատութեան վերացման ուղղութեամբ շարք մը ծրագիրներ կ՚իրականացնէ։
«Այդ ծրագրերն արդէն ընթացքի մէջ են, օրինակ, Առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութիւնն աղքատութիւնը կրճատելու շատ կոնկրետ գործիք է: Այսօր մենք քննարկում էինք սոցիալական կրեդիտների վերաբաշխում իրականացնելու հարցը, դա կոնկրետ գործիք է:
Աղքատութիւնը յաղթահարելու մէկ ճանապարհ կայ՝ կրթութիւն, աշխատանք, ուրիշ ճանապարհ չկայ: Աշխատունակ մեր հանրութեան կրթութիւն-աշխատանք բանաձեւի գեներացրած միջոցներով մենք պէտք է լուծենք անաշխատունակ կամ սահմանափակ աշխատունակութեամբ մարդկանց աղքատութեան հետ կապուած խնդիրը»,– նշած է Նիկոլ Փաշինեան։