image

Մօրս յիշատակը՝ մեր տան ամէն մէկ անկիւնին մէջ. Սեւանա Խարմանտարեանի գրառումը (Լուսանկար)

Մօրս յիշատակը՝ մեր տան ամէն մէկ անկիւնին մէջ. Սեւանա Խարմանտարեանի գրառումը  (Լուսանկար)

Մօր մը ներկայութիւնը երբեմն կը շարունակուի նոյնիսկ իր ֆիզիքական բացակայութենէն ետք։ Անոր ձեռքերով տնկուած ծաղիկները, տարիներ առաջ խնամած բոյսերը, տան ամէն մէկ անկիւնին մէջ մնացած հետքերը կը դառնան յիշողութեան կենդանի վկաները։ Այսպէս է նաեւ Տիկին Ալիս Խարմանտարեանի պարագային, որուն յիշատակը իր զաւակներուն ու թոռներուն համար պիտի շարունակէ ապրիլ ոչ միայն սրտերուն, այլեւ այն տան մէջ, ուր ան իր կեանքէն 36 տարիներ բաժնեկցեցաւ իր որդիին հետ՝ ամուսնոյն մահէն ետք։ 

Հանգուցեալի դուստրը՝  Սեւանա Խարմանտարեան-  Գասապեան, իր մօր յիշատակին նուիրուած այս յուզիչ գրութեամբ կը վերապրի վերջին հանդիպումը, բաժանումի պահը եւ այն անջնջելի սէրը, որ մահն անգամ անկարող է խզել։

Ստորեւ այդ գրառումը՝ 

 Դուստրս՝ Ալիս Գասապեան, որուն անունը հպարտութեամբ դրած էի իր սիրելի մեծ մօր՝ Ալիս Խարմանտարեանի անունով, երէկ գիշեր ինծի ղրկեց այս լուսանկարները։ Անոնք մեր Նիւ Ճըրզիի տան մէջ տարիներ առաջ հանգուցեալ, սիրելի մօրս ձեռքով տնկուած ծաղիկներն ու բոյսերն են։

Աղջիկս այս պատկերներով կ՚ուզէր մեղմել մօրս կորստեան պատճառած ցաւս։ Հօրս մահէն ետք, կեանքիս վերջին 36 տարիները մօրս հետ նոյն յարկին տակ ապրած եմ։ Անոր բացակայութեան մեծագոյն մխիթարութիւնը ինծի եւ զաւակներուս համար պիտի ըլլայ այն մշտական զգացումը, թէ ան ներկայ է մեր տան ամէն մէկ անկիւնին մէջ։

Ամէն անգամ որ աչքերս հանդիպին իր ձեռքով տնկուած ծաղիկներուն, պիտի յիշեմ իր գեղեցիկ հոգին, բարի խօսքերը, սիրող ու հոգատար բնաւորութիւնը, իր պատրաստած համեղ ճաշերը, ծիծաղն ու նոյնիսկ այն արցունքները, որոնք երբեմն կը թափէր՝ մեզի հետ բաժնելով իր կեանքի պատմութիւններն ու փորձառութիւնները։

Կը պատմէր իր ընտանիքին՝ ամուսնոյն ու զաւակներուն, ծնողներուն, եղբայրներուն ու քոյրերուն, զարմիկներուն հետ ապրած լաւ օրերուն մասին, բայց նաեւ կեանքի դժուարութիւններուն, յուսախաբութիւններուն եւ իրեն շրջապատող աշխարհէն երբեմն ստացած ցաւերուն մասին։ Այդ բոլորը մարդկային յիշողութեան անբաժան մասն են եւ, որքան ալ ուզենք, չենք կրնար ջնջել զանոնք։

Մօրս սիրած բոյսերը վերջին երեք շաբաթներուն ծաղկած էին, այն օրերուն, երբ ան հիւանդանոցին մէջ կը տառապէր։ Այդ ծաղկումը կարծես իր ներկայութեան մէկ այլ նշանն էր՝ մեր տան մէջ, մեր կեանքին մէջ։

Կ՚ուզեմ նաեւ բաժնել մօրս վերջին սանտրուած մազերուն լուսանկարը։ Մեծ հաճոյքով ես էի, որ իր մազերը կը յարդարէի, Նիւ Ճըրզի մնացած վերջին երեք ամիսներուս ընթացքին, երբ իր խնամքով կը զբաղէի։

5 Հոկտեմբեր 2026-ին, մեկնելէս առաջ, համոզուած էի, որ ան արդէն վերադարձած է տուն՝ առողջացած մարմնին մէջ ջուրի կուտակումէն, որուն պատճառը իր սրտին տկարութիւնն էր։ Մեկնումիս պահուն, վերջին հրաժեշտին, ան ինծի ըսաւ հայերէնով.

«Կե՞րթաս, աղջի՛կս։ Օթօն եկա՞ւ։ Աստուած հետդ ըլլայ, բարի ճանապարհ քեզի, փորձանքէ հեռու մնաս։ Իմ մասիս մի՛ մտածեր, ես հիմա շատ լաւ եմ։ Դուն ինքզինքիդ լաւ նայէ, առողջ մնա՛։ Ինչ ալ լսես հոսկէ, դուն զօրաւոր եղիր, որպէսզի զաւակներուդ գլխուն վրայ մնաս»։

Այդ խօսքերը մինչեւ այսօր ականջներուս մէջ կը հնչեն։ Կարծես մայրական մխիթարանքի ու քաջալերանքի վերջին պատգամ մը կու տար ինծի։ Նոյն խօսքերը կրկնեց նաեւ հեռաձայնով՝ յաջորդ օրը։

Եւ այսպէս բաժնուեցանք ես ու իմ սիրելի մայրս։ Այդ պահուն սրտիս խորքը կը զգայի, որ այս բաժանումը կրնար վերջինը ըլլալ։ Թէեւ անոր խօսքերը զիս կը մխիթարէին, սակայն կարծես հոգիս արդէն կը նախազգար այն իրականութիւնը, որուն դէմ յանդիման պիտի գտնուէի։

 Ողբացեալ մայրս՝ Ալիս Խարմանտարեան, Երուսաղէմահայ իր ինքնութեան եւ հաւատքին հաւատարիմ կին մը, իր կեանքի վերջին հանգրուանը ապրեցաւ աշխարհի մեծ երկրագունդին Ամերիկա կոչուած անկիւնին մէջ։ Բայց իր արմատները, ապրումները, յիշատակներն ու սէրը միշտ իրեն հետ մնացին։

Յիշատակդ անմահ, սիրելի՛ եւ քաջարի՛  իմ մայր։

15 Մարտ 1931 – 14 Նոյեմբեր 2026