image

ՀՀ շարք մը դեսպաններ տուն կանչուած են

ՀՀ շարք մը դեսպաններ տուն կանչուած են

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագիրներով Հայաստանի շարք մը դեսպաններ ետ կանչուած են իրենց պաշտօններէն։

Պաշտօններէն ետ կանչուած են՝

  • Արման Իսրայէլեան՝ ՆԱԹՕ-ի մօտ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավարի պաշտօնէն։
  • Վիքթոր Բիյակով՝ Նետերլանտներու մօտ Հայաստանի դեսպանի, ինչպէս նաեւ Քիմիական զէնքի արգելման կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչի պաշտօններէն։
  • Արման Յակոբեան՝ Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնէն։
  • Ծովինար Համբարձումեան՝ Պուլկարիոյ եւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօններէն։
  • Տիգրան Մկրտչեան՝ Յունաստանի եւ Ալպանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօններէն։
  • Յովհաննէս Վիրապեան՝ Արժանթինի, Չիլիի եւ Փերուի մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօններէն։
  • Անահիտ Յարութիւնեան՝ Գանատայի, Գուպայի, Տոմինիքեան Հանրապետութեան եւ Ճամայքայի մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօններէն։