image

Կազա. Նոր հարուածներ եւ զոհեր

Կազա. Նոր հարուածներ եւ զոհեր

Կազայի հատուածին մէջ վերջին 24 ժամերուն ընթացքին Իսրայէլի յարձակումներուն հետեւանքով առնուազն 16 պաղեստինցի զոհուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ Al Jazeera-ն։

Նոյեմբեր 26-ի առաւօտեան երկու հոգի զոհուած է, իսկ քանի մը ուրիշներ՝ վիրաւորուած, երբ իսրայէլեան «Ափաչի» ուղղաթիռները, առանց նախազգուշացման, երկու հրթիռ արձակած են Տէյր ալ-Պալահ քաղաքէն արեւմուտք գտնուող բնակարանի ուղղութեամբ։

Կազա քաղաքի Շաթի փախստականներու ճամբարին մէջ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի յարձակման հետեւանքով երեք պաղեստինցի զոհուած է։ Բացի այդ, Տարաժ թաղամասին մէջ տեղի ունեցած յարձակման հետեւանքով եւս երեք հոգի զոհուած է։

Կազայի Ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է Ներքին անվտանգութեան ծառայութեան երկու հրամանատարներու զոհուելու մասին։

Իր կարգին, Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտնած է Իսլամական դիմադրութեան շարժման (Համաս) առաջնորդներէն մէկուն սպանութեան մասին։

Կազայի համայնքային մարմինները զգուշացուցած են, որ տեղատարափ անձրեւները կրնան ողողել տեղահանուածներու շուրջ 1000 ապաստանարաններ։ Բացի այդ, ըստ տեղեկութիւններու, 200 հազար վրան փոխարինման կարիք ունի, մինչ աւելի քան 2000 վնասուած շէնքեր կրնան փլուզիլ։

Եւրոպական յանձնաժողովը Իսրայէլին կոչ ըրած է վերաբանալու բոլոր անցակէտերը՝ նշելով, որ վրաններն ու անհրաժեշտ պարագաները կը մնան անկլաւէն դուրս։

ՄԱԿ-ը աւելի վաղ յայտնած էր, որ Կազայի հատուած մուտք գործելու համար աւելի քան 150 հազար վրան կը սպասէ։